2014-06-03 11:47:11

Ֆրանչիսկոս Քահանայապետի 3 Յունիսի քարոզը` ''Յիսուս մեր փաստաբանն է, մեզ կը պաշտպանէ''։


Երեքշաբթի, 3 Յունիսի, առաւօտեան, Ֆրանչիսկոս Քահանայապետը, Տոմուս Սանթա Մարթայի մատրան մէջ մատուցած առօրեայ Սուրբ Պատարագի ընթացքին արտասանած քարոզին մէջ, յայտնեց, թէ Յիսուս կ՝աղօթէ իւրաքանչիւրիս համար ու մեզի համար կը բարեխօսէ իր Հօր, Անոր ցոյց տալով իր կրած վէրքերը։ Ան մեր փաստաբանն է, Ան մեզ կը պաշտպանէ նոյնիսկ եթէ յանցաւոր ենք ու շատ մեղքեր գործած ենք։
Ֆրանչիսկոս Պապը ապա հրաւիրեց ներկաները ունենալու այն հաւատքը թէ ''Յիսուս, այս պահուս, կը բարեխօսէ իւրաքանչիւրիս համար` Իր Հօր մօտ։ Ու երբ մենք աղօթենք, պէտք չէ երբեք մոռնանք, Անորմէ խնդրել որ Ինք եւս աղօթէ իւրաքանչիւրիս համար։ Մենք վստահելու ենք Յիսուսին ու ապաւինելու ենք Իրեն` մեզի համար Հօր առջեւ կատարած աղօթքին'' եզրափակեց Սրբազան Քահանայապետը։








All the contents on this site are copyrighted ©.